


Երևանի «Թէքէեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Նեմեսիսը՝ մշակոյթին մէջ կամ Արժանապատուութեան վերադարձ» խորագրով ձեռնարկ մը, որ համախմբած էր ազգային յիշողութեան, արդարութեան եւ ինքնութեան գաղափարներուն հաւատարիմ մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ։
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Սամուէլ Թադեւոսեանի «Նեմեսիսը՝ մշակոյթին մէջ» վաւերագրական ֆիլմը, որուն առանցքին մէջ կը գտնուին հայ վրիժառուներու պայքարը եւ ազգային արժանապատուութեան վերականգնման գաղափարը։ Ֆիլմին կարեւոր դէպքերէն մէկը նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեանի ստեղծած կտաւն է, ուր պատկերուած է Թիֆլիսի այն պատմական փողոցը, ուր 1922 թուականին հայ վրիժառուները գնդակահարած էին Հայերու ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ջեմալ փաշան։
Ձեռնարկին մասնակիցները ընդգծեցին, որ «Նեմեսիս» գործողութիւնը ոչ միայն վրէժի, այլ նաեւ արդարութեան եւ պատիժի անխուսափելիութեան խորհրդանիշ է։ Յիշատակուեցաւ նաեւ Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ տեղադրուած «Նեմեսիս» յուշակոթողը, որուն վրայ փորագրուած են Սողոմոն Թեհլիրեանի հանրածանօթ խօսքերը․ «Կան դատեր, որոնց վճիռները պէտք չէ վստահիլ դատարաններուն»։
Ելոյթներով հանդէս եկան պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան, գրականագէտ Սամուէլ Մուրադեան, արեւելագէտ Աբրահամ Գասպարեան եւ այլ մտաւորականներ՝ ընդգծելով, որ ազգային յիշողութեան պահպանումը եւ արժանապատուութեան վերականգնումը կը շարունակեն մնալ ժամանակակից հայութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը։
Ձեռնարկի աւարտին յայտարարուեցաւ «Նեմեսիսը՝ մշակոյթին մէջ» շարժական թանգարանի ստեղծման մասին, որ նախատեսուած է ներկայացնել աշխարհի տարբեր հայաշատ համայնքներուն մէջ՝ մշակոյթի լեզուով փոխանցելով «Նեմեսիս» գործողութեան պատմութիւնը եւ ազգային դիմադրութեան գաղափարը։
