«Պոլիսը կյուզալ էր»․ տատիկի յիշողութիւններուն հետքերով

  • by Editbeglari, September 25, 2026 in Լուրեր
94 դիտում

Րաֆֆի Արտալճեանի «Ապրուած օրեր» շարքի այս պատմութիւնը ընտանեկան յիշողութիւններու միջոցով կը ներկայացնէ Պոլսոյ, Երուսաղէմի եւ Պէյրութի միջեւ անցած ամբողջ կեանքի մը պատմութիւնը։

Հեղինակին տատը՝ Լուիզա Մինեճեանը, ծնած էր Պոլիս։ Անոր մայրը՝ Արմինէ Մինեճեան, ատամնաբոյժ էր, իսկ հայրը՝ բժիշկ եւ օսմանեան բանակի սպայ։ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն ընտանիքը բաժնուեցաւ, եւ Լուիզան իր քոյրերուն ու եղբօր հետ յայտնուեցաւ Երուսաղէմի «Արարատեան» որբանոցին մէջ։ Հետագային ան ամուսնացաւ Ուրֆայի ջարդերէն վերապրած Յարութիւն Արզուհալճեանի հետ եւ հաստատուեցաւ Պէյրութ։

Տարիներ անց հեղինակը, փնտռելով ընտանիքին կորսուած կապերը, կը գտնէ Մարսէյ բնակող իր մեծ մօր քրոջ թոռնուհին։ Այդ հանդիպումը կը վերականգնէ ընտանիքին՝ Պոլիսէն Երուսաղէմ, Պէյրութ եւ Մարսէյ երկարող պատմութեան կարեւոր օղակ մը։

Լուիզա տատի խօսքերը՝ «Պոլիսը կյուզալ էր, շատ կյուզալ», հեղինակին համար միայն քաղաքի մասին յիշողութիւն չէին։ Անոնք կորուսեալ աշխարհի, արմատներու եւ ընտանեկան յիշողութեան խորհրդանիշն էին։