Պօղոս Ղուկասեան․ հայ գործարարին ներդրումը Պաքուի նաւթարդիւնաբերութեան մէջ

  • by WesternArmenia, October 31, 2026 in Լուրեր
83 դիտում

Հայազգի նաւթարդիւնաբերող եւ ֆինանսիստ Պօղոս Ղուկասեան նշանակալի դեր ունեցած է Պաքուի նաւթարդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ։ 20 տարեկանին Պաքու տեղափոխուելով՝ ան ձեռք բերած է «Կասպեան գործընկերութիւն» ընկերութեան բաժնետոմսերը եւ կարեւոր դիրք գրաւած նաւթային ոլորտին մէջ։

1890 թուականին Ղուկասեան ընտրուած է «Պաքուի նաւթարդիւնաբերողներու համագումարներու» վարչութեան նախագահ։ 1897 թուականին, Ս. Յակոբեանի հետ հիմնած է «Կասպեան խողովակաշար» ընկերութիւնը՝ մէկ միլիոն ռուբլի դրամագլուխով։

Անոր ընկերութիւնը Պաքուի առաջին ձեռնարկութիւններէն էր, որ կը ներմուծէր եւ կը վաճառէր նաւթարդիւնաբերական սարքաւորումներ, խողովակներ, շարժիչներ եւ ելեկտրակայաններ՝ կարեւոր հետք ձգելով քաղաքին արդիւնաբերական պատմութեան մէջ։