Սեւրի դաշնագիրէն մինչեւ «Թրամփի ճանապարհ»․ կախուածութեան խնդիրը Հայաստանի առջեւ 

  • by Editbeglari, September 09, 2026 in Լուրեր
132 դիտում

«Ասպարէզ» թերթին մէջ հրապարակուած Ռազմիկ Շիրինեանի յօդուածը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, պետական ինքնիշխանութեան եւ արեւմտեան պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու հարցերուն՝ զուգահեռներ անցընելով 1920 թուականի Սեւրի դաշնագրին եւ ներկայիս քննարկուող TRIPP՝ «Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճանապարհ» ծրագիրին միջեւ։

Յօդուածի հեղինակին կարծիքով՝ հայ ժողովուրդին համար վտանգաւոր է սեփական պետական օրակարգը արտաքին ուժերու ակնկալիքներուն ենթարկելը։ Ան կը շեշտէ, որ Հայաստանի ներքին պետականաշինութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ ազգային համախմբման հարցերը պէտք է ըլլան երկրի քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւնները։

Շիրինեան կը յիշեցնէ, որ Սեւրի դաշնագիրը հայերուն մէջ մեծ ակնկալիքներ յառաջացուցած էր, սակայն անոր դրոյթները չիրականացան։ Հեղինակը կը կարծէ, որ նոյնպիսի զգուշութիւն անհրաժեշտ է նաեւ ներկայիս միջազգային նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ, այդ շարքին՝ TRIPP ծրագիրին։

Յօդուածին մէջ քննադատուած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական մթնոլորտը՝ իշխանութիւն–ընդդիմութիւն փոխադարձ վիրաւորանքները եւ ազգային կարեւոր հարցերու շուրջ առճակատումը։ Ըստ հեղինակին՝ պետականութեան ամրապնդումը կը պահանջէ ոչ թէ ներքին պառակտում, այլ երկարաժամկէտ ազգային օրակարգ եւ քաղաքական ինքնուրոյնութիւն։

Յօդուածին հիմնական ուղերձն այն է, որ Հայաստանի ապագան պէտք չէ կառուցուի միայն արտաքին ուժերու խոստումներուն եւ ծրագիրներուն վրայ։ Անհրաժեշտ է սեփական պետական շահերու յստակ ձեւակերպում եւ անոնց հետեւողական պաշտպանութիւն։