Մարաղայի կոտորածէն անցեր է 27 տարի

  • by Éditeur, April 10, 2019 in Արդիական Պատմութիւն
763 դիտում

Ատրպէյջանական զինուած ուժերը 1992 թուականի Ապրիլ 10-ի վաղ առաւօտեան Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղին մէջ իրականացուցին խաղաղ բնակչութեան կոտորած, որուն հետեւանքով զոհուեցան շուրջ 50 բնակիչ եւ 100-ն ալ գերեվարուեցան: 1992 թուականի Ապրիլ 10-ին առաւօտեան ժամը 5-ին սկսեցաւ գիւղի հրետակոծութիւնը։ Կէսօրին մօտ ատրպէյջանական «Գուրթուլուշ» բատալիոնը (1000 զինուոր), 20 զրահամեքենայի ուղեկցութեամբ մտաւ գիւղ։ Պաշտպանական ուժերը (60 հոգի) տեսնելով, որ չեն կրնար դիմադրել անհաւասար ուժին՝ նահանջեցին, զգուշացնելով գիւղի բնակիչները։