

ԱՄՆ Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութեան (ԿՀՎ) գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէն մէկը լոյս կը սփռէ այն հարցին վրայ, թէ ինչպէս Ուաշինկթըն կը գնահատէր Արցախի հակամարտութեան պատմական նախադրեալները 1988 թուականին՝ Արցախի շարժման սկիզբի օրերուն։
1988 թուականի Յունիս 16-ին ԿՀՎ-ի տնօրէն Ուիլիամ Ուեպսթըր ԱՄՆ փոխնախագահ Ճորճ Պուշին ներկայացուցած էր համառօտ տեղեկանք մը՝ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան պատմական ակունքներուն մասին։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ հակասութիւնները ձեւաւորուած են դարերու ընթացքին՝ կրօնական, ազգային եւ տարածքային գործօններու ազդեցութեամբ, իսկ գլխաւոր վէճի առարկան Լեռնային Ղարաբաղն է։
Զեկոյցը կ՚անդրադառնայ նաեւ 1915 թուականի Հայերու Ցեղասպանութեան՝ ընդգծելով, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը խորացուցած է հայ ժողովուրդին անվստահութիւնը թրքական ժողովուրդներուն նկատմամբ։ Փաստաթուղթը նաեւ կը յիշատակէ, որ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղը, որ ի սկզբանէ նախատեսուած էր միացնելու Հայաստանին, 1923 թուականին յանձնուեցաւ Ազրպէյճանի կազմին, որմէ ետք հայերը շարունակաբար պահանջած են անոր վերամիաւորումը Հայաստանին։
ԿՀՎ-ի վերլուծութեան համաձայն՝ Ազրպէյճանի մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ բռնութիւններու հաւանականութիւնը պայմանաւորուած էր երկու ժողովուրդներուն միջեւ կուտակուած խոր հակասութիւններով եւ հասարակական լարուածութեամբ։
Փաստաթուղթը կարեւոր պատմական աղբիւր մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ԱՄՆ հետախուզական համայնքը 1988 թուականին կը գնահատէր Արցախի հակամարտութեան ծագումն ու զարգացումը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ պատմական, ազգային եւ քաղաքական խոր արմատներ ունեցող խնդիր։
