59 տարի առաջ Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուեցաւ «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը 

  • by WesternArmenia, November 03, 2026 in Լուրեր
86 դիտում

59 տարի առաջ՝ Նոյեմբեր 1-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուեցաւ Արցախի գլխաւոր խորհրդանիշներէն մէկը՝ «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը։

Յուշարձանին քանդակագործն է Սարգիս Բաղտասարեան, ճարտարապետը՝ Յուրի Յակոբեան։

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Սերգէյ Շահվերդեանի համաձայն՝ «Մենք ենք, մեր սարերը» դարձած է Արցախի հայկական ինքնութեան, ժողովուրդի դիմադրողականութեան եւ հայրենիքին հետ անոր անխզելի պատմական կապին խորհրդանիշը։

«Այսօր, գրեթէ վեց տասնամեակ ետք, յուշարձանը կը շարունակէ կանգուն մնալ Ստեփանակերտի մէջ, որ 2023-ին Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք կը մնայ ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ։ Սակայն հայրենի հողին վրայ ապրելու հնարավորութեան կորուստը չի նուազեցներ ազգային յիշողութեան խորհրդանիշներուն նշանակութիւնը», նշած է Շահվերդեան։