Հայերու հարուստ պատմութիւնը  Նիդերլանդներու  եւ Պելկիոյ մէջ

  • by Editbeglari, February 23, 2024 in Հին Պատմութիւն
577 դիտում

Հայ գրատպութիւն

Որտեղ  կան հայեր, անպայման կ՚ըլլան հայկական եկեղեցիներ եւ գիրքեր…

 1656-ին Հայոց պատրիարքը Վենետիկ կ՚ուղարկէ Մաթեւոս Ծարեցուն (Ցարի Մաթևոս)՝ ուսումնասիրելու, թէ արդեօք Աստուածաշունչը կրնայ տպագրուիլ հայերէնով։ Թէեւ Վենետիկն արդեն դարեր ի վեր  լաւ յարաբերութիւններ ունէր հայերու հետ, կաթոլիկ եկեղեցին շատ դժուարացոյց հայերու համար ուղղափառ հայ գրականութիւն տպագրիլը։ Այսպիսով Ցաերցին որոշեց իր բախտը փորձիլ Հիւսիսային Ստորին երկրները, որոնք այն ժամանակ կը կառավարուէին բողոքականներու կողմէն եւ յայտնի էին իրենց կրօնական հանդուրժողականութեամբ ամէն ինչի նկատմամբ, բացի կաթոլիկութենէ: Մօտ 1660-ին Մաթեւոս Ծարեցին բնակութիւն է հաստատած Ամսթերտամին մէջ, իսկ 1661-ին տպագրուած է հայերէն առաջին գիրքը՝ «Յիսուս Որդի» վերնագիրով:  1666թ. վերջապէս ժամանակն էր, եւ առաջին տպագիր Աստուածաշունչը յայտնուեցաւ հայերէն: Հայ տպագրիչներին հայկական այպուպէնի  ձուլման հարցով օգնած է, ոչ այլ ոք, քան’ Ամսթերտամին քաղաքապետ Նիկոլաաս Վիտսեն: Նա անձամբ հաւաքեց տպագրութեան վարպետներուն, ինչպիսիք էին’ հունգարացի տառերը կտրող, տպագիր եւ տպագրիչ Միկլոշ Տոտֆալուսի Կիս եւ յայտնի Դանիէլ Էլսեվիեն, ով այդ ժամանակ դեռ կ՚աշխտէր Ամսթերտամին մէջ: Կարճ ժամանակը՝ Ամսթերտամին մէջ մշակուած հայերէն տառերու կաղապարները ուղարկուեցան Եւրոպայի տպագրիչներուն։ Տասնեակ հազարաւոր հայերէն գիրքեր Ամսթերտամէն իրենց ճամբան գտան ողջ Եւրոպային եւ Ասիոյ մէջ: Հոլանտական համալսարանի գրադարաններու մէջ դեռեւս կան մեծ քանակութեամբ հայերէն տպագիր գիրքեր եւ  այդ ժամանակաշրջանի քարտէզներ։