Ազրպէյճանի մէջ վանտալիզմի հերթական թիրախը դարձած է Վաղուհաս գիւղի զոհուած ազատամարտիկներու գերեզմանատունը․ Յովիկ Աւանեսով

  • by Editbeglari, May 13, 2026 in Ժառանգութիւն
99 դիտում

Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ Յովիկ Աւանեսով յայտնած է, թէ Ազրպէյճանի հերթական վանտալիզմի թիրախը դարձած է բռնագրաւուած Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի զոհուած ազատամարտիկներու գերեզմանատունը։

Համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւին ջարդուած եւ վնասուած գերեզմանաքարեր՝ հայերէն արձանագրութիւններով ու ազատամարտիկներու պատկերներով, ինչ որ կը վկայէ հայկական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կանխամտածուած ոչնչացման մասին։

Յովիկ Աւանեսովի համաձայն՝ ասիկա ոչ միայն վանտալիզմ է, այլ նաեւ ցեղային ատելութեան, հոգեբանական ճնշման եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտման արտայայտութիւն։ Տեսանիւթը չէ հրապարակուած՝ զոհուածներու հարազատներուն չվիրաւորելու նպատակով, սակայն կը պահպանուի որպէս ապացոյց։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ 2024 թուականին ազրպէյճանցի զինուորներ ոչնչացուցած էին Վաղուհասի մէջ զոհուած Մխիթար Աղաբէկեանի յիշատակին կառուցուած խաչքարը։

Ըստ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ-ին՝ Արցախի մէջ նմանատիպ տասնեակ դէպքեր արդէն կը փաստեն հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող համակարգուած քաղաքականութիւնը։