Ալեքսանտրէթի նահանգի պատմական հայկական եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է․ «Ermeni Haber» 

  • by Editbeglari, September 12, 2026 in Ժառանգութիւն
125 դիտում

Ներկայիս Թուրքիոյ բռնագրաւման տակ գտնուող Ալեքսանդրէթի (Հաթայ) Տյորթյոլ շրջանի Օզերլի թաղամասին մէջ պահպանուած են տարիներ շարունակ անուշադրութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ աւերակները։ Կը կարծուի, որ անոնք 1877 թուականին կառուցուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մնացորդներն են։

Պատմական աղբիւրներու համաձայն՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Օզերլին շուրջ 300 տուն ունեցող բնակավայր մըն էր, ուր կ՚ապրէին 250 հայկական եւ 50 իսլամական ընտանիքներ։ Գիւղին մէջ գործած են եկեղեցի, դպրոց, շուկայ եւ այլ կառոյցներ։

Այսօր եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է․ փլուզուած է հին տանիքը, փակուած են պատուհանները, իսկ գլխաւոր մուտքի պատմական արձանագրութիւնը ջնջուած է։ Կառոյցը տարիներ շարունակ օգտագործուած է նաեւ որպէս ախոռ եւ այծերու ապաստան։

Եկեղեցւոյ պահպանութեան հիմնական խնդիրներէն մէկը կը համարուի անոր սեփականութեան անորոշ կարգավիճակը։ Կառոյցը պաշտօնական գրանցումներուն մէջ նշուած է որպէս «աւերակ շէնք եւ հողատարածք», եւ ոչ թէ որպէս պատմական կամ կրօնական յուշարձան՝ զայն դնելով վերջնական կորստեան վտանգի առջեւ։