


Մասիս լերան լանջին՝ Խոր Վիրապի դիմաց, կը գտնուի պատմական Ակոռի գիւղին տարածքը, որ կը շարունակէ պահպանել հայկական պատմութեան եւ ժառանգութեան հետքերը։
Գիւղին պատմական գերեզմանատունը կը գտնուի գիւղէն շուրջ 150 մեթր բարձրութեան վրայ եւ կը գրաւէ մօտ 5,000 քառակուսի մեթր տարածք։ Տարածքի ուսումնասիրութեան ընթացքին նկատուած է, որ երկու գերեզման փորուած է։ Կ’ենթադրուի, որ մօտակայ ոստիկանական պահակակէտին ներկայութիւնը կրնար կանխել գերեզմաններուն հետագայ վնասումը։
Ակոռիի հետ կապուած է նաեւ Արամ Մելիքեանի ընտանիքին պատմութիւնը․ անոր նախնիներուն բնակավայրը այս գիւղն էր։ 2022 թուականին ան այցելած է իր նախնիներուն բնակավայրը, իսկ այս տարի կրկին վերադարձած՝ իր պատմական հայրենիքը տեսնելու համար։ Անոր ընտանիքը Արեւելեան Հայաստանի տարածքին՝ գիւղին դիմաց, տուն մը գնած է, ուրկէ տեսանելի են Ակոռին եւ անոր պատմական գերեզմանատունը։
Պատմական Ակոռին ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Ցոլակերտի (Իգդիրի) նահանգի Արալըք գաւառակին մէջ եւ յայտնի է Եենիտողան (Yenidoğan) անունով։ Տարբեր աղբիւրներու մէջ գիւղին պատմական անունը կը յիշատակուի նաեւ Ահուրա, Ախուրա եւ Աղուրի ձեւերով։
