Աղթամար, ոչ թէ Աքդամար

  • by Editbeglari, September 30, 2024 in Ժառանգութիւն
371 դիտում

«Աղթամար» անուանումը հայկական ծագում ունէ եւ կապուի Թամար թագուհիին հետ, ով Գագիկ Արծրունի թագաւորին կինն էր: Թամար Բագրատունեաց Աշոտ Ա-ի որդի Շապուհին դուստրն էր եւ պատմական աղբիւրներու մէջ կը նշուի որպէս ատ ժամանակուա կարեւոր կիներէն մէկը:

«Աղթամար» անուամ ամէնահին գրառումը կը հանդիպէ 5-րդ դարին սկիզբը, Փաուստոս Բիւզանդին «Հայոց պատմութեան» մէջ: Հոս կը նշուի, որ «Աղթամար» անուանումով կղզին կարեւոր դեր է ունեցած այն ժամանակներու ռազմավարական եւ քաղաքական իրադարձութիւններու մէջ:

Աղթամարին Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 10-րդ դարը՝ Գագիկ Արծրունիին նախաձեռնութեամբ: Ատ ժամանակ կղզին դարձած է Վասպուրականի Արծրունիներու իշխանութեան կեդրոնը: Եկեղեցին յայտնի է իր գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ եւ պատմական կարեւորութեամբ:

1980-ականները Թիւրքիոյ կողմէն բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստան Աղթամարը անուանափոխուեցաւ «Աքդամար», ինչը հայկական ժառանգութեան աղճատում է:

Այսօր Աղթամարը հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի անբաժանելի մասն մըն է: