Անիի քարայրները՝ բնակավայրեր եւ սրբավայրեր

  • by Editbeglari, September 01, 2026 in Ժառանգութիւն
77 դիտում

Անիի եւ անոր շրջակայքի ձորերուն քարայրները առաջին անգամ համակարգուած կերպով ուսումնասիրած է Դաւիթ Ղիփշիձէն՝ Նիկողայոս Մառի յանձնարարութեամբ, 1915 թուականին։ Հետազօտութիւնները ընդհատուած են 1916-ին, սակայն արշաւախումբի անդամ Նիկոլայ Տոկարսկին շարունակած է աշխատանքները։

Ղիփշիձէի ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ Տոկարսկին 1972 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Անիի քարայրները» գիրքը՝ ռուսերէն, Դ. Ղիփշիձէի հեղինակութեամբ։

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Անիի քարայրները ոչ միայն բնակելի տարածքներ եղած են, այլեւ ունեցած են կրօնական նշանակութիւն․ անոնց մէջ յայտնաբերուած է աւելի քան 30 եկեղեցի եւ մատուռ։