Անձրեւներէն ետք փոխուած է Վանայ լիճի ափամերձ գօտիին գոյնը

  • by Editbeglari, May 26, 2026 in Ժառանգութիւն
154 դիտում

https://www.sondakika.com/guncel/haber-yagislarla-debisi-yukselen-dere-van-golu-19804637

Վերջին օրերու առատ անձրեւներուն եւ ձիւնի հալոցքին հետեւանքով զգալիօրէն բարձրացած է Վանայ լիճ թափուող գետակներու ջուրի մակարդակը։ Յատկապէս հիդրոէլեկտրակայանի մօտակայքին ջուրի հոսքի ուժգնացումը փոխած է լիճի ափամերձ գօտիին տեսքը։

Պղտոր քաղցրահամ ջուրերուն լիճ թափուող հատուածին մէջ գոյացած է արտասովոր շերտ մը, որ ուշադրութիւն գրաւած է իր իւրայատուկ գոյնային փոփոխութիւններով։ Լիճի որոշ հատուածներ հոսանքին ազդեցութեամբ ստացած են շագանակագոյն երանգ, իսկ ընդհանուր տեսարանը դարձած է աւելի մուգ։

Վանայ լիճի ներկայ վիճակը նկարահանուած է անօդաչու թռչող սարքով՝ ներկայացնելով բնութեան ստեղծած հետաքրքրական եւ անսովոր պատկեր մը։