Աշխարհին ամէնահին սայլերը կը գտնուին Հայաստան

  • by Editbeglari, January 09, 2024 in Ժառանգութիւն
531 դիտում

Հայաստանին մէջ պեղուած են մէկ տասնեակէն աւելի հարուստ դամբարաններ։ Ամէնատպաւորիչ պեղումները եղած  են Սեւանա լիճին սահմանագլխին գտնուող Լճաշենը, որտեղ յայտնաբերուած են մէկ տասնեակէն աւելի գրեթէ ամբողջական քառանիվ եւ երկանիւ սայլեր, ինչպէս նաեւ երկանիւ կառքեր՝ ճառագայթներով։ Այս սայլերէն երկուսը Արեւելեան Հայաստանի ազգային թանգարանն են ։ Չորս ամուր անիւները պատրաստուած են երեք կաղնիին տախտակներէն, իսկ ներսը ծածկուած է հիւսածածկով։ Իր ժամանակագրութեան մէջ (Chronology of the Horse, 2007) Բեւերլի Դեւիսը կը նկարագրէ այս սայլերը հետեւեալ կերպ։ Ասոնք աշխարհի ամէնահին սայլերն են 4000 տարեկան»։ Վագոնները ներառուած  են նաեւ պրոֆեսօր Ստիւարտ Պիգգոտի «Անիւներու ամէնավաղ տրանսպորտը» դասական գիրքին մէջ :