Արարատը դարձեալ սպիտակեցաւ․աշնան առաջին ձիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ

  • by Editbeglari, September 24, 2025 in Ժառանգութիւն
196 դիտում

https://www.hurriyet.com.tr/video/agrida-yuksek-kesimlere-mevsimin-ilk-kari-dustu-42955686

Սեպտեմբեր 23-ին Արեւմտեան Հայաստանի հպարտ ու սրբազան լեռը՝ Արարատը, դարձեալ պատուեցաւ ձիւնէ սպիտակ ծածկոցով։ Տարածքին մէջ ուժգնացած սառնամանիքը բերաւ աշնան առաջին ձիւնը․ 5137 մեթր բարձրութեան գագաթը հեռուէն արդէն կը փայլի իր ձմեռային շքեղութեամբ։

Տեղացիներու վկայութեամբ՝ յանկարծակի իջած առատ ձիւնը դժուարութիւններ ստեղծած է հովիւներուն համար․ անասուններու հոտերը ստիպուած վերադարձուած են սարերէն։

Արարատեան ձիւնը, որ այս անգամ սպասուածէն շուտ հասաւ գիւղերուն ու դաշտերուն, դարձաւ աշնան խորհրդանշական նշան մը՝ յիշեցնելով ձմրան մօտալուտ գալուստը եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր կապը լեռան հետ։