Bellingcat-ն ուսումնասիրած է արբանեակային լուսանկարները՝ արձանագրելով Արցախին մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէն իրականացուած թալանին մեծ մասշտաբները։ Կը նշուի, որ ատոնց մէջ նկատելի են աղբակույտեր դատարկ բազմաբնակարան շէնքերու եւ քաղաքացիական տուներու հարեւանութեամբ: Ուսումնասիրողները կ՚արձանագրեն, որ քարտեզագրուած տարածքին մէջ յաճախակի հանդիպող աղբակույտերը կ՚ընդգծեն Ստեփանակերտին տուներէն յափշտակումներու զգալի մասշտաբը:
PlanetScope-ին պատկերները ցոյց կուտան, որ համալսարանին կամպուսին քով գտնուող շէնքերու քանդումը սկսուած է 2024 թուականի 02 Մայիսէն – 09 Մայիս ընկած ժամանակայատուածը: Հայկական ԶԼՄ-ները, ինչպէս նաեւ բազմաթիվ բնակիչներ կ՚ըսեն, որ շէնքերէն քանիս մը եղած են քաղաքացիական բնակելի տուներ եւ աւերուած են:
Bellingcat-ը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հարցուցած է համալսարանին դիմաց Մեժլումեանին նշած շէնքերու քանդման մասին, սակայն մինչ հրապարակումը պատասխան չի ստացած։ Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու հանձնակատար Դունեա Միյատովիչ, անցեալ տարի հայ բնակչութեան տեղահանութեանը յաջորդած տարածաշրջան այցէն ետք իր զեկոյցին մէջ ընդգծած էր․ «Յակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած անձինք իրաւունք ունին վերադառնալ իրենց տուները կամ բնակութեան վայրերը անվտանգութեան եւ արժանապատւութեան պայմաններուն»:
