Արեւմտեան Հայաստանի Եդեսիա (Ուրֆա) քաղաքի պատմական կառոյցներէն մէկը՝ ներկայիս Ֆըրֆըրլը մզկիթը, գրաւած է լուսանկարչութեան դասընթացքի մասնակիցներուն ուշադրութիւնը։ Դարերու ընթացքին կառոյցը ծառայած է տարբեր նպատակներու․ նախ եղած է եկեղեցի, ապա՝ քաղաքի առաջին բանտը, իսկ աւելի ուշ վերածուած է մզկիթի։
Եդեսիայի Էյյուպիյէ շրջանի Ենի թաղամասին մէջ գտնուող պատմական շէնքին կառուցման ստոյգ թուականը յայտնի չէ։ Անիկա կառուցուած է տուֆանման կրաքարէ եւ երկար տարիներ պահպանած է իր պատմական տեսքը։
Լուսանկարչութեան դասընթացքի մասնակիցները, լուսանկարիչ Մահմութ Օրմանճըօղլուի ղեկավարութեամբ, այցելած են կառոյցը՝ զայն լուսանկարելու եւ տեսագրելու նպատակով։ Անոնց հետաքրքրած է յատկապէս շինութեան անցեալը՝ որպէս եկեղեցի, բանտ եւ ապա՝ մզկիթ։
Դասընթացքի մասնակից Մեհմէտ Էրթուղրուլ նշած է, որ առաջին անգամ կ՚այցելէ այս պատմական կառոյցը եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը լուսանկարէ զայն։
Կառոյցին պատմական նշանակութիւնը կը շեշտէ Արեւմտեան Հայաստանի բազմաշերտ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
