Արեւմտեան Հայաստանի Իսկենտերունի Սուրբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերականգնման համար դրամահաւաքը կը շարունակուի

  • by Editbeglari, July 31, 2026 in Ժառանգութիւն
108 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Իսկենտերուն քաղաքի Սուրբ Քառասուն Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման նպատակով դրամահաւաքը կը շարունակուի։ 2023 թուականի աւերիչ երկրաշարժերէն վնասուած եկեղեցւոյ, անոր յարակից շինութիւններուն եւ կալուածներուն վերականգնման համար անհրաժեշտ է մօտ 77 միլիոն թրքական լիրա։

Այդ նպատակով Օգոստոս 2-ին Գընալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի յատուկ պատարագ եւ կատարուի հանգանակութիւն։

«Պահպանենք այսօր, հպարտանանք վաղը» կարգախօսով եկեղեցւոյ հիմնադրամը կը շարունակէ դիմել նաեւ սփիւռքահայութեան՝ աջակցելու Արեւմտեան Հայաստանի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման այս կարեւոր նախաձեռնութեան։