Արեւմտեան Հայաստանի Պուրսա նահանգի հայկական լքուած եկեղեցին պիտի վերանորոգուի՝ վերածուելով մշակութային կեդրոնի 

  • by Editbeglari, September 29, 2025 in Ժառանգութիւն
159 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Պուրսա նահանգի Յըլդըրըմի քաղաքապետարանը կը յայտնէ, որ տեղի հայկական լքուած եկեղեցին վերանորոգման ենթարկուած է։ Սակայն վերանորոգումէն ետք ան այլեւս իր իսկական նպատակին պիտի չծառայէ․ երբեմնի հայկական սրբավայրը ամբողջովին պիտի վերածուի երկհարկ «մշակութային կեդրոնի»։

Նշուած է, որ եկեղեցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն առաջ պաշտամունքի վայր եղած է, ապա ծառայած է որպէս ծխախոտի պահեստ։ Յըլդըրըմի քաղաքապետարանին կողմէ մշակուած ծրագիրին համաձայն՝ շէնքի առաջին յարկին մէջ պիտի ըլլայ բազմասրահ դահլիճ եւ երկու սենեակ, որոնք կրնան օգտագործուիլ որպէս ցուցահանդէսի, շնորհանդէսի եւ սեմինարի տարածք։

Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ գտնուող հազարաւոր հայկական եկեղեցիներ, վանքեր ու մշակութային օճախներ կը բախին նոյն ճակատագիրին՝ կամ կը կործանուին, կամ կը վերածուին օտար գործառոյթներ ունեցող կառոյցներու։