Արեւմտեան Հայաստանի Տերսիմ նահանգի Հոզաթ գաւառի Էրգան գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ ծանօթ է նաեւ որպէս Էրգանի վանք, կանգնած է փլուզման լուրջ վտանգի առջեւ։ Տասնամեակներու անուշադրութեան, բնական ազդեցութիւններու եւ գանձ որոնողներու ապօրինի գործողութիւններու հետեւանքով հազարամեայ յուշարձանը զգալի վնասներ կրած է։
975-ին կառուցուած եկեղեցին Տերսիմի ամենամեծ հայկական եկեղեցիներէն մէկն է եւ կը յատկանշուի իր քարաշէն ճարտարապետութեամբ ու պահպանուած հայերէն արձանագրութիւններով։ Թէեւ 2012-ին որոշում ընդունուած էր յուշարձանը պահպանելու մասին, մինչեւ այսօր վերականգնման աշխատանքներ չեն իրականացուած։
Տեղի բնակիչները կը պահանջեն վերականգնել եկեղեցին եւ զայն դարձնել ուխտագնացութեան ու մշակութային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոն՝ շեշտելով, որ այս պատմամշակութային արժէքի կորուստը անդառնալի հետեւանքներ պիտի ունենայ հայկական ժառանգութեան պահպանման համար։
