Արցախի եւ հարակից տարածքներուն մէջ գտնուող պատմական հայկական կրօնական վայրերը կը շարունակեն վտանգուած մնալ 

  • by Editbeglari, May 25, 2026 in Ժառանգութիւն
112 դիտում

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովի (USCIRF) 2026 թուականի զեկոյցին մէջ, որ կ՛ամփոփէ 2025 թուականի տուեալները, Պաքուի վարչակարգը քննադատութեան ենթարկուած է կրօնական ազատութիւններու խախտումներու եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման համար։

USCIRF-ի զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Պաքուի իշխանութիւնները շարունակած են կիրառել խիստ սահմանափակող «Խղճի եւ կրօնական դաւանանքի ազատութեան մասին» օրէնքը, որ կը քրէականացնէ չգրանցուած կրօնական գործունէութիւնը եւ պետական ամբողջական վերահսկողութիւն կը սահմանէ կրօնական կազմակերպութիւններու նկատմամբ։

Զեկոյցին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Արցախի եւ հարակից տարածքներու հայկական կրօնական ժառանգութեան։ Ըստ հրապարակուած տուեալներուն՝ 2025 թուականի Յուլիսի դրութեամբ արբանեակային լուսանկարներով արձանագրուած են առնուազն 8 ոչնչացուած եւ եւս 10 վնասուած հայկական կրօնական յուշարձաններ, ներառեալ եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ եւ մշակութային այլ կոթողներ։

Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ հայ բանտարկեալներու իրաւունքներու սահմանափակումներուն։ Կը նշուի, որ կալանաւորուած հայերուն յաճախ կ՛արգիլուի ստանալ կրօնական պարագաներ, ներառեալ Աստուածաշունչ։

Յանձնաժողովը կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ պահպանելու Պաքուն «Յատուկ դիտարկման ցանկին» (Special Watch List) վրայ՝ կրօնական ազատութիւններու կոպիտ խախտումներուն պատճառով։ Բացի անկէ, առաջարկուած է կիրառել թիրախային պատժամիջոցներ այն ազրպէյճանցի պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութիւններու խախտումներուն համար։

Զեկոյցին մէջ նաեւ կ’առաջարկուի, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը պայմաններ սահմանէ Պաքուին տրամադրուող ռազմական եւ անվտանգային օժանդակութեան համար՝ պահանջելով մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութիւններու բնագաւառին մէջ յստակ բարելաւումներ։