Արցախի մշակութային ժառանգութեան քաղաքական վերաձեւակերպման քանի մը դրուագներ. Դրուագ Գ. Ջալալ Մեծի տապանաքարը. Monument Watch 

  • by WesternArmenia, October 08, 2026 in Ժառանգութիւն
134 դիտում

Գանձասարի վանքին գաւիթին մէջ գտնուող 1431 թուականի տապանաքարը ատրպէյճանական կողմը ներկայացուցած է որպէս ԺԳ. դարու իշխան Հասան Ջալալ Տոլայի գերեզմանաքար։ Սակայն մասնագիտական ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ անիկա կը պատկանի ԺԵ. դարուն ապրած Ջալալ Մեծ իշխանին։

Յուշարձանին արձանագրութիւնը յստակօրէն կը նշէ Ջալալ Մեծին անունն ու 1431 թուականը։ Տապանաքարին քանդակային յօրինուածքը կը ներառէ Արեւի, Լուսնի եւ Առաւօտեան աստղին պատկերները, որոնք հայ քրիստոնէական արուեստին մէջ կը խորհրդանշեն Երկրորդ Գալուստը։

Յօդուածին հեղինակները կը շեշտեն, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան պատմութեան եւ պատկանելիութեան խեղաթիւրումը կը վտանգէ յուշարձաններուն իսկութեան եւ պատմական արժէքներուն պահպանումը՝ մշակութային ժառանգութիւնը վերածելով քաղաքական քարոզչութեան գործիքի։