Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ, «Ազգային» պատմամշակութային ՀԿ փոխնախագահ Յովիկ Աւանեսովը, անդրադառնալով Թանգարաններու միջազգային օրուան, ընդգծած է, որ թանգարանները կարեւոր դեր ունին մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ուսումնասիրութեան եւ հանրահռչակման գործին մէջ։ 1977 թուականին հաստատուած այս միջազգային նախաձեռնութիւնը այսօր կը նշուի աշխարհի աւելի քան 150 երկիրներու մէջ։
Աւանեսովը նշած է, որ բռնագրաւուած Արցախին մէջ մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի համակարգուած ոչնչացման եւ իւրացման վտանգին տակ։ Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութեան հետեւանքով վտանգուած են Արցախի թանգարանները, պատմամշակութային արժէքներն ու հարիւրաւոր բացառիկ նմուշներ, որոնք ունին ոչ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային նշանակութիւն։
Անոր խօսքով՝ 2023 թուականի իրադարձութիւններէն ետք Արցախի շուրջ 30 պետական եւ մասնաւոր թանգարաններ յայտնուած են գոյաբանական սպառնալիքի պայմաններու տակ՝ կանգնելով ոչնչացման, կեղծման եւ իւրացման վտանգին առջեւ։ Ան շեշտած է, որ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ այս քաղաքականութիւնը նպատակ ունի խեղաթիւրելու պատմական յիշողութիւնն ու վերացնելու հայկական մշակութային ինքնութիւնը Արցախի մէջ։
Անդրադառնալով 2026 թուականի Թանգարաններու միջազգային օրուան խորագիրին՝ «Թանգարանները կը միացնեն մասնատուած աշխարհը», Աւանեսովը նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ոչ միայն խորհրդանշական յայտարարութիւններ ընէ, այլեւ գործնական քայլեր ձեռնարկէ վտանգուած մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
