Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը յայտնած է, որ Յուլիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը անծանօթ անձ մը ներխուժած է Պաղլարբաշըի Սուրբ Կարապետ գերեզմանատուն եւ վնասած վեց դամբարան, ինչպէս նաեւ գերեզմանատան տարածքին գտնուող աղբիւրը։
Դէպքը խոր ցաւ եւ վրդովմունք յառաջացուցած է համայնքի անդամներուն մօտ, յատկապէս այն ընտանիքներուն, որոնց հարազատները կը հանգչին այդ գերեզմանատան մէջ։
Թաղական խորհուրդը անմիջապէս դիմած է իրաւապահ մարմիններուն, որոնք սկսած են քննութիւն՝ յանցագործին ինքնութիւնը պարզելու եւ զինք օրէնքին առջեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով։
Հայոց Պատրիարքարանը խստօրէն դատապարտած է համայնքի սրբավայրին եւ հանգուցեալներու յիշատակին դէմ գործուած այս աւերածութեան արարքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անվտանգութեան ծառայութիւններուն՝ դէպքին բացայայտման ուղղութեամբ ցուցաբերած պատասխանատու աշխատանքին համար։
Համայնքը յոյս կը յայտնէ, որ յանցագործը շուտով պիտի յայտնաբերուի եւ պիտի ենթարկուի արդարադատութեան։
