Աքսարայի հայկական Կարմիր վանքը՝ 5-րդ դարու պատմական ժառանգութիւն 

  • by WesternArmenia, November 03, 2026 in Ժառանգութիւն
84 դիտում

Պատմական Աքսարայի նշանաւոր հայկական յուշարձաններէն Կարմիր վանքը կը շարունակէ ուշադրութիւն գրաւել իր դարաւոր պատմութեամբ եւ իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ։ 5-րդ դարուն կառուցուած վանքը իր անունը ստացած է կարմրաւուն սրբատաշ քարերէն։

Թրքական «Ենի Կիւն» պարբերականին համաձայն՝ Աքսարայի քաղաքապետարանը ձեռնարկած է յուշարձանի հանրահռչակման աշխատանքներ՝ քաղաքացիները հրաւիրելով այցելել եւ ծանօթանալ քաղաքի պատմամշակութային ժառանգութեան։

Կարմիր վանքը մինչեւ այսօր կը պահպանէ հայկական պատմական ներկայութեան հետքերը՝ իբրեւ դարերէն մեզի հասած արժէքաւոր ժառանգութիւն։