Ինթերբոլի կանոնադրութիւնը խստօրէն կ՚արգիլէ կազմակերպութեան ներգրաւուիլ քաղաքական, ռազմական, կրօնական կամ ցեղային բնոյթի հարցերու մէջ։ Ոչնչացումէ փրկելու նպատակով հակամարտութեան գօտիէն դուրս բերուած մշակութային արժէքներու վերաբերեալ պահանջներ ներկայացնելը ոստիկանական ուղիները իբրեւ աշխարհաքաղաքական ճնշման գործիք օգտագործելու փորձ է։
Խնդրոյ առարկայ մշակութային արժէքները հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան անբաժանելի մասն են։ Մշակութային արժէքներու պղծումը կանխելու նպատակով անոնց տարհանումը կամ հակամարտութեան ընթացքին փրկութիւնը համահունչ է ժառանգութեան պահպանման միջազգային չափանիշներուն եւ չի կրնար դիտարկուիլ իբրեւ քրէական գողութիւն։
Ատրպէյճանի երկակի չափանիշները հասկնալու համար բաւական է յիշել Ատրպէյճանի կողմէ մշակութային արժէքներու ոչնչացման փաստագրուած դէպքերը․ 1998-2006 թուականներուն աւելի քան 5000 պատմական հայկական խաչքարերու եւ հազարաւոր տապանաքարերու համակարգուած ոչնչացումը եւ տարածքը ռազմական հրաձգարանի վերածելը, Նախիջեւանի հայկական հարիւրաւոր եկեղեցիներու եւ գերեզմանոցներու հիմնայատակ ոչնչացումը, 2020-ին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրետակոծութիւնը եւ անոր խորհրդանշական գմբէթին յետագայ հեռացումը։
2020-էն ետք Շուշիի Կանաչ ժամ (Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ) եւ Մոխրենիսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր պատմական այլ յուշարձաններու ամբողջական քանդումը եւ այլն։
Այսօր եւս բազմաթիւ ապացոյցներ կան, որոնք կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր տարածքներուն մէջ միջնադարեան հայկական յուշարձաններու ջնջման, փոփոխման եւ ոչնչացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի։
Րաֆֆի Քորթոշեան
