Բացառիկ սեպագիրներ են յայտնաբերուած Էրեբունու տարածքը

  • by Editbeglari, July 12, 2024 in Ժառանգութիւն
305 դիտում

Հայ-ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբը մայիս-յունիս ամիսներուն Էրեբունի ամրոցին մէջ պեղումներ է իրականացուցած եւ ֆանտաստիկ արդիւնքներ է գրանցած:

Aravot.am-ին հետ զրոյցին մէջ խումբի անդամ Միքայել Բադալեան յայտնած է, որ պեղումներն իրականացուցած են եւ ամրոցին մէջ, եւ ամրոցէն դուրս, ընդ որում ամրոցէն դուրս պեղումները շարունակուած են նախորդ տարուա տեղամասը, որտեղ գտնուած էին Աքեմենեան ժամանակաշրջանին հատակներ:

Ան յատուկ անդրադարձած է կարասային սրահին մէջ իրականացուած պեղումներուն, որովհետեւ հոս երկու կարասներու մէջէմ գտնուած են սեպագիր արձանագրութիւններ, որոնք կը պարունակեն տարողութեան միաւորներ:

«Հետաքրքիր էր տարողութեան միաւորներէն մէկը. կարասի բեկորին վրայ գրուած էր արուսի, իսկ արուսին յազուադէպ յանդիպող միաւոր է, եւ արուսին ձեւով մենք ընդամէնն ունեինք 3 կարասի բեկոր, որոնք ժամանակին գտնուած էին Հայկաբերդէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն»,- նշած է ան: Ըստ անոր՝ աս Արեւելեան Հայաստանի տարածքէն գտնուած արուսին տարողութեան միաւոր պարունակող առաջին արձանագրութիւնն է:

Հնագէտը յայտնած է, որ վերջին անգամ Արեւելեան Հայաստանին մէջ հնագիտական պեղումներու արդիւնքը սեպագիր յայտնաբերուած էր 2011թ՝ կրկին Էրեբունէն:

Միքայել Բադալեանին խօսքով, սեպագրերէն մէկը հազուագիւտ է, եւ ինքը որպէս Ուրարտուի հնագիտութեամբ զբաղուող մասնագէտ՝ շատ կարեւոր իրողութիւն մը արձանագրած է: Երկու կարասներու մէջէն գտնուած է ուրարտական ոսկրե նետասլաքներ:

Անոր կարծիքով, թերեւս գործ ունինք ծեսին հետ, որովհետեւ կարասներու մէջ հաւանաբար հացահատիկ կամ գինի են պահած, եւ ոսկրե նետասլաքները դժուար թէ պատերազմին համար օգտագործեին, քանի որ պատերազմին համար կ՚օգտագործէին գլխաւորապէս մետաղե նետասլաքներ: