Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական Culture of Azerbaijan կայքը վերջերս յայտարարութիւն է տարածած Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» յուշարձանին մասին՝ նշելով, թէ այն կառուցուած է Խանքենդիին մէջ 1967 թուականին եւ կը յանդիսանայ «Ատրպէյճանի բազմամշակութային եւ կրօնական յանդուրժողականութեան օրինակ»:
Հանրայայտ է, որ յուշարձանը հայկական Արցախի ժամանակակից խորհրդանիշներէն մէկն է եւ որ այն ստեղծուած է որպէս նշան եւ խորհուրդ երկրամասին հայ ինքնութեան:
Յատուկ Հայաստանէն բերուած կարմիր տուֆէն կերտուած կոթողին քանդակագործն է Սարգիս Բաղդասարեան, իսկ ճարտարապետը՝ Իււրի Յակոբեան։ Քանդակագործն իր աշխատանքը բնութագրած է հետեւեալ կերպ․ «Յուշարձանն իրմէ կը ներակայցնէ աւանդական տարազով տարեց արցախցի ամուսիններու՝ ուս-ուսի, հպարտ ու անհողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայացքով։ Կոթողը պատուանդան չունէ, բայց կարծես լեռնաբլուրը ճեղքուած է, եւ անոնք ատ ճեղքէն բարձրցած, կանգնած են՝ ոտքերը ամուր դրած հայերու հողին մէջ»։ Յաւելենք, որ տարեց զոյգը ծնունդով Արցախէն քանդակագործին տատի եւ պապի կերպարներով է քանդակուած. «Անոնք հէնց ժողովուրդն են, անոնք հէնց հողն են, անոնք մենք ենք, մեր լեռները։ Աս մարդիկ հոս են ծնուած, հոս են անոնց հազարամեա արմատները, անոնք իսկական տերն էն աս հողին ու բնութեան» գրած է քանդակագործը (Սարգիս Բաղդասարեանի «Ղարաբաղցիները»):
Արցախի ամբողջական օկուպացիայէն ետք պաշտօնական ատրպէյճանական կողմը երկար ժամանակ գրեթէ չէր անդրադառնար աս յուշարձանին: Յուշարձանին, որն Արցախի հայութեան ամէնավառ ու յանրայայտ խորհրդանշանն էր, չէին անդրադառնար եւ «չէին նկատէր» օկուպացուած Ստեփանակերտ այցելող ատրպէյճանցի լրագրողները, մեդիագործիչները: Միայն որոշ լրատուականներու մէջ կը հնչեցուէին կարծիքներ, որ այն պետք է քանդիլ: 2023 թուականին վերջին եղան հատուկենտ հրապարակումներ, որտեղ կը նշուէր, որ յուշարձանը հայերը «հայկականացուցած են». ատրպէյճանական կողմը կը փորձէր տարածիլ այն թեզը, որ դէմ են ոչ թէ յուշարձանին, այլ ատոր «գաղափարական ազգայնական մեկնաբանութեանը»: Ատրպէյճանական հրապարակումներէն կարելի է եզրակացնիլ, որ խորհրդային տարիներուն ԼՂԻՄ-ին մէջ հայերու սեփական պատմութեան, մշակոյթին, արմատներուն ուղղուած ցանկացած դրսեւորում կը համարուէր «ազգայնական»:
Վերջերս Ստեփանակերտին մէջ ատրպէյճանցի Քյամրան Ռազմովար պնդեց, որ յուշարձանը կառուցուած է Ատրպէյճանի բիւջեէն հատկացուած գումարներով, ուստի այն ատրպէյճանական է:
Այս մոտեցումները ցոյց կուտան, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ իւրացնիլ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը՝ վերացնելով հայկական պատկանելութիւնը եւ ներկայացնելով այն որպէս իր բազմամշակութային ու յանդուրժողականութեան օրինակ:
Յարկ կը համարենք նշիլ, որ յուշարձանին գաղափարը կեանքի է կոչուած ատ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մարզխորհուրդի գործկոմին նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանին անմիջական մասնակցութեամբ։ Յուշակոթողին շինարարութեանը եւ անոր տեղադրմանը դէմ է եղած հէնց Սովետական Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը։ Աւելին՝ բողոք է բարձրցուած եւ պահանջուած, որ այն յարկ է ապամոնտաժիլ: Ատրպէյճանի կոմկուսին կենտկոմէն յատուկ հանձնաժողով է ժամանած Ստեփանակերտ՝ պարզելու, թէ «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողում ո՞ր «մենքի» եւ ո՞ր «սարերու» մասին է խօսքը: Հայկական կողմին ջանքերու շնորհիվ միայն կը յաջողուի փրկիլ կոթողը ապամոնտաժումէն: Աս յանգամանքը իրենց յիշողութիւններու մէջ կը ցուցեն ատ տարիներուն ԼՂԻՄ-ում պաշտօն զբաղեցնող տարբեր անձինք, արձանի տեղադրմանը առնչութիւն ունեցած եւ արձանին յեղինակ՝ Սարգիս Բաղդասարեանին մտերիմները եւ հարազատները :
Այս քաղաքականութիւնը կը յակասէ ՄԱԿ-ի՝ 2005 թ. Փարիզին մէջ ընդունած «Մշակութային ինքնարտայայտումին ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին» համաձայնագիրին, որը կը պարտադրէ յարգիլ բոլոր ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը։
