Բնակչութիւնը հայրենիքէն հեռացնելն ու անոր մշակութային հետքը վերացնելը նոյն գործընթացին երկու երեսներն են. Յովիկ Աւանեսով 

  • by WesternArmenia, October 08, 2026 in Ժառանգութիւն
106 դիտում

Արցախի մշակութային ժառանգութեան իրաւապաշտպան Յովիկ Աւանեսով, անդրադառնալով 2020 թուականի պատերազմին հետեւանքներուն, ընդգծած է հայկական մշակութային ժառանգութեան կանխամտածուած թիրախաւորման խնդիրը։

Անոր խօսքով՝ պատերազմի ընթացքին հարուածներ հասցուած են ոչ միայն քաղաքացիական բնակավայրերուն եւ ենթակառուցուածքներուն, այլեւ հայկական հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն։ Որպէս օրինակ՝ ան նշած է 2020 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ուղղուած երկու հարուածները։

Աւանեսով նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Շուշիի բռնազաւթումէն ետք եկեղեցւոյ արտաքին տեսքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն առնչութեամբ՝ զանոնք դիտարկելով որպէս հայկական մշակութային ժառանգութեան աղաւաղման եւ հայկական հետքը ջնջելու քաղաքականութեան դրսեւորում։