Բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հայկական գերեզմանատուներուն վրայ տուներ կը կառուցեն

  • by Editbeglari, June 20, 2026 in Ժառանգութիւն
136 դիտում

Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն համաձայն՝ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդի նահանգի Ղարփիւրք (պատմական Խարափուկ) գիւղին մէջ ամբողջութեամբ ոչնչացուած է հայկական հին գերեզմանատունը։

Տեղի բնակիչներու վկայութիւններով՝ Թուրքիոյ բնակարանաշինութեան վարչութիւնը (TOKİ) գերեզմանատան տարածքին վրայ երկու տուն կառուցած է, ինչի հետեւանքով շինարարական աշխատանքներու ընթացքին հանգուցեալներու ոսկորներն ու գանգոսկրերը ցրուած են։

Գիւղացիները կը նշեն, որ իրենց առարկութիւններուն հակառակ՝ շինարարութիւնը իրականացուած է ուղիղ գերեզմանատան տարածքին վրայ, մինչդեռ գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցած են այլ ազատ հողատարածքներ։ Անոնց խօսքով՝ տարիներու ընթացքին ոչնչացուած կամ գողցուած են նաեւ հայկական շիրմաքարերը, եկեղեցւոյ եւ յուշաղբիւրներու քարերը։

Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն՝ Խարափուկ գիւղի հայ բնակչութիւնը 1915 թուականի Հայերու ցեղասպանութեան ընթացքին բնաջնջուած է։ Այսօր գիւղին մէջ կ՚ապրին միայն ալեւի եւ սիւննի համայնքներու ներկայացուցիչներ, մինչ հայկական մշակութային ու պատմական ժառանգութեան հետքերը կը շարունակեն անհետանալ։