2023ին Սեպտեմբերին Արցախի ամբողջական բռնազաւթումէն ետք Բաքուն առաջին հերթին ցուցադրաբար ապամոնտաժեց Շուշի քաղաքին քով գտնուող յայտնի տանկ-յուշարձանը։ Յիշեցունք, որ Տանկն Արցախի ազատագրական պայքարի խորհրդանիշն էր, յաղթանակի խորհրդանիշը, որտեղ յարգանքի տուրք են մատուցած Շուշիի ազատագրական պայքարին մէջ նահատակուած հերոսներու յիշատակին։
Իսկ վերջերս, բլոգեր Քյամրան Ռազմովար տանկ-յուշարձանին մոտէն տեսանիւթ է հրապարակած, որտեղ կ՚երեւի է, որ ոչնչացուցած են նաեւ յուշարձանի մոտ տեղադրուած խաչքարերը, զոհուած ազատամարտիկներու անունները հաուերժացնող յուշատախտակները: Մասնաւորապէս, փշրուած է 44-օրեխ պատերազմին մէջ Քարինտակը զոհուած Յակոբ Յարութիւնեանի յիշատակին տեղադրուած 2021ին տեղադրուած խաչքարը, ինչպէս նաեւ տարածքը կանգնեցուած միւս խաչքարերը: Ասոր մասին կ՚ահազանգէ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» անկախ ակադեմիական հարթակը։
Բաքուի համակարգուած արշաւն այս ուղղութեամբ յատկապէս կ՚ընկգծուի քանի մը նշանակալից խաչքարերու ոչնչացմամբ։ Ատոնց թիվն են դեռեւս 2020ի ոչնչացուած Հադրութի շրջանի Առաքել գիւղի խաչքարի, քաղաքի ազատամարտիկներու յուշահամալիրին խաչքարի, Լաչինի պատմական գերեզմանոցի 14-րդ դարի եզակի խաչքարի, ինչպէս նաեւ 15-16-րդ դարերով թուագրուող շարք մը խաչքարներու ոչնչացումներով։
Հարթակը կը շեշտէ՝ խաչքարերու թիրախաւորումն արգելուած է միջազգային օրէնքներով եւ կը համալրուի ծանր յանցագործութիւն ուղղուած ողջ մարդկութեանը։
Խաչքարային մշակոյթը լրացուցիչ պաշտպանութիւն ունէ նաեւ պատերազմին ատեն եւ ատկէ ետք։ Ի մասնաւորի, համաձայն «Զինուած յակամարտութիւններու ատեն մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» Հաագայի 1954 թ. Համաձայնագիրին լրացուցիչ՝ 1999 թ. ընդունուած երկրորդ արձանագրութեան սկզբունքներու, խաչքարային ողջ մշակոյթն ունէ ուժեղացուած պաշտպանութիւն։
Ուստի կը յիշեցնէ, որ Բաքուն պետք է ապահովի ուժեղացուած պաշտպանութեան տակ գտնուող մշակութային արժէքներու անձեռնմխելիութիւնը՝ ձեռնպահ մնալով այդպիսի արժէքները հարձակման կամ հաշուեհարդարին օբյեկտ դարձնելէն:
