Գայլատու լիճը տակաւին սառոյցի տակ է․ ապշեցուցիչ տեսարաններ

  • by Editbeglari, May 22, 2026 in Ժառանգութիւն
139 դիտում

https://www.sondakika.com/guncel/haber-agridaki-balik-golu-baharda-da-erimeyen-19798210

Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական Պար լեռնաշղթայի միջլեռնային տաշտակաձեւ գոգաւորութեան մէջ, 2247 մեթր բարձրութեան վրայ, Արարատի շրջանին մէջ գտնուող բարձրադիր Գայլատու, Գայլատօ ծովիկ, Գայլատվայ լիճ, Ձկնաբեր ծովակ (այժմ՝ Պալըղ-կիւոլ / Ձկներու լիճ) լիճը այս տարի նոյնիսկ Մայիս ամսուն կը շարունակէ ամբողջութեամբ սառոյցով պատուած մնալ՝ ստեղծելով բեւեռային բնապատկեր յիշեցնող տեսարաններ։

Բնութեան այս հրաշքը կը համարուի շրջանի ամենաբարձրադիր լիճերէն մէկը եւ յատկապէս ծանօթ է իր գեղատեսիլ տեսարաններով։ Լիճը ունի թեքթոնահրաբխային ծագում։

Սովորաբար լիճին սառոյցը կը սկսի հալիլ Ապրիլի սկիզբը, սակայն այս տարի ցուրտ եղանակին պատճառով ան տակաւին պահպանուած է։ Ձիւնածածկ լեռները, սառցապատ ջրային մակերեսը եւ ափին ձիւնին տակ մնացած նաւակները իւրայատուկ ձմեռային պատկեր մը ստեղծած են նոյնիսկ գարնան վերջին ամսուն։

Տեղացիներուն համաձայն՝ նախորդ տարիներուն լիճը շատ աւելի կանուխ կ՚ազատուէր սառոյցէն, սակայն այս տարուան տեսարանը բացառիկ գեղեցկութիւն ունի եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ այցելուներու մօտ։