Հետազօտողները եւս մէկ քայլ կատարած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Նոյեան տապանի առեղծուածը բացայայտելու ուղղութեամբ։ Այս մասին «Իզվեստիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է հնագէտ Էնդրյու Ջոնսը։
Տապանի որոնման վայրին մէջ կատարուած վերջին գտածոները ցոյց տուած են նաւու նմանող առարկայ մը, որուն ծագումը, սակայն, տակաւին անյայտ կը մնայ։
«Մենք կը կարծենք, որ ասոնք կրնան ըլլալ Նոյեան տապանի մնացորդները, որոնք քայքայուած եւ հողի շերտին տակ յայտնուած են»,– նշած է Ջոնսը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ երկրառատարային ուսումնասիրութիւնը առարկային մօտ ի յայտ բերած է ուղիղ անկիւններ, միջանցքներ եւ հաւանական միջին խցիկներ, ինչը կասկածի տակ կը դնէ այն վարկածը, թէ ան սովորական ժայռաբեկոր մըն է։
Ջոնսի խօսքով՝ քարտէզագիր Իլհան Դուրուփընարն առաջինն էր, որ դեռ 1959-ին մատնանշած էր այս վայրը, իսկ անոր տուեալները կը համընկնին Աստուածաշունչին մէջ տրուած նկարագրութեան հետ։
Գիտնականներն արդէն իրականացուցած են GPS քարտէզագրում եւ հողի նմուշներ վերցուցած՝ փորձաքննութեան համար։ Հետազօտութեան կը մասնակցին նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն եւ Սլովաքիայէն ժամանած մասնագէտներ։
