Դադիվանքէն դուրս բերուած խաչքարերու եւ որմնանկարներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները ներառուած են INTERPOL-ի «Գողցուած արուեստի գործեր» տուեալներու շտեմարանին մէջ։ Այս մասին հրապարակմամբ յայտնած է Սերկէյ Շահվերդեան՝ ընդգծելով, որ նման զարգացումները կը պահանջեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան համակարգուած փաստագրում եւ միջազգային պաշտպանութիւն։
Կ’առաջարկուի վերականգնել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի թանգարաններու եւ պատկերասրահներու հաւաքածոներու ամբողջական ցանկերը՝ ներառելով առարկաներու լուսանկարները, գոյքագրման համարները, նկարագրութիւնները, հեղինակութեան, թուագրման եւ ծագման վերաբերեալ տուեալները։
Միաժամանակ անհրաժեշտ է ստեղծել Արցախի տարածքին մէջ մնացած խաչքարերու, որմնանկարներու, յուշարձաններու եւ կոթողային արուեստի այլ նմոյշներու միասնական փաստագրական շտեմարան։ Նման աշխատանքը կրնայ կարեւոր հիմք հանդիսանալ մշակութային ժառանգութեան միջազգային պաշտպանութեան համար։
Յօդուածին մէջ նաեւ կը շեշտուի միջազգային կառոյցներու՝ INTERPOL-ի, UNESCO-ի եւ ICOM-ի հետ շարունակական մասնագիտական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ հրապարակման՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը պէտք է իրականացուի ոչ թէ առանձին յայտարարութիւններու արձագանգելու, այլ երկարաժամկէտ եւ համակարգուած քաղաքականութեան միջոցով։
