Երեւանի մէջ քննարկուած է Լազարեան ճեմարանի հայագիտական ժառանգութիւնը 

  • by Hasmik Karapetyan, September 30, 2026 in Ժառանգութիւն
79 դիտում

Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած է «Լազարեան ճեմարանը եւ հայ մեծերը» խորագրով համահայկական գիտաժողովը։ Անիկա կազմակերպուած է «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի, Պատմութեան հիմնարկի եւ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի համագործակցութեամբ։

Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած են Լազարեան ճեմարանի պատմամշակութային, կրթական եւ գիտական գործունէութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ։ Քննարկուած են ճեմարանի հայագիտական աւանդոյթները, անոր նշանաւոր սաներն ու գործիչները, գրական ժառանգութիւնը, կրթական համակարգը, ճարտարապետութիւնը եւ հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ ունեցած դերակատարութիւնը։

Բանախօսները ընդգծած են նաեւ Լազարեաններու ազգային մեկենասութեան փորձի նշանակութիւնը՝ որպէս կրթութեան, մշակոյթի եւ հայագիտութեան զարգացման օրինակ։ Նշուած է, որ գիտաժողովի զեկուցումները կը նախատեսուի հրատարակել առանձին ժողովածուով։