Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին տակ իտալացի հնագէտները յայտնաբերած են հնագոյն գերեզմաններու, պարտէզի, ձիթենիի եւ խաղողի որթատունկի մնացորդներ, որոնք շուրջ 2000 տարուան պատմութիւն ունին։
Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի մասնագէտներուն պեղումները սկսած են 2022 թուականին։ Յայտնաբերուած հետքերը կը վկայեն, որ տարածքը ժամանակին եղած է գերեզմանոցային եւ երկրագործական գօտի։ Անոնք որոշ առումներով կը համընկնին Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի թաղման վայրին նկարագրութիւններուն հետ։
Այնուամենայնիւ, հետազօտողները կը շեշտեն, որ մինչեւ այժմ չեն յայտնաբերուած ուղղակի ապացոյցներ կամ արձանագրութիւններ, որոնք կը հաստատեն, թէ յայտնաբերուած գերեզմանը պատկանած է Յիսուսին։ Պեղումները կը շարունակուին՝ տաճարին եւ տարածքին վաղ քրիստոնէական պատմութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով։
