Թաթավլայէն մինչեւ Քուրթուլուշ․ թաղամասին բազմամշակութային ժառանգութիւնը

  • by Editbeglari, August 14, 2026 in Ժառանգութիւն
107 դիտում

Կ. Պոլսոյ Քուրթուլուշ թաղամասին պատմութիւնն ու բազմամշակութային անցեալը ներկայացուած են Հիւսէյին Ըրմաքի «Գնանք Թաթավլա․ իր փառքը չկորսնցուցած Քուրթուլուշ» գիրքին մէջ։

Հեղինակը շուրջ 25 տարի ուսումնասիրած է թաղամասին պատմութիւնը՝ անդրադառնալով Թաթավլայէն Քուրթուլուշի վերածման, 1929-ի հրդեհին եւ համայնքային կեանքի փոփոխութիւններուն։ 

Հայ բնակչութեան թիւի նուազումին հակառակ՝ Քուրթուլուշ կը պահպանէ իր բազմամշակութային բնոյթը՝ տարբեր համայնքներու մշակոյթներով ու աւանդութիւններով։

Ըրմաքի բնորոշմամբ՝ «հինը կը շարունակէ ապրիլ եւ միաժամանակ կը թարմանայ»՝ ձեւաւորելով Քուրթուլուշի նոր մշակութային դիմագիծը։