Հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան ներկայութիւնը հայաթափուած Արցախի մէջ ժխտելէ բացի՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նաեւ կը ջնջեն զայն՝ որոշ հետազօտողներու գնահատմամբ՝ «համակարգուած կերպով»։ Մայր Աթոռը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեամբ զբաղող մասնագէտները բազմիցս ահազանգած են 2020-ի պատերազմէն, եւ յատկապէս երեք տարի առաջ Արցախի հայաթափումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու եւ այլ յուշարձաններու ոչնչացման ու փոփոխութեան, ներառեալ՝ աղուանականացման մասին։
Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, որ այլեւս չկայ…
Ստեփանակերտի Մայր տաճարը՝ այս տարուան Ապրիլին կատարուած լուսանկարին մէջ, արդէն չկայ…
Շուշիի պատմական գերեզմանատունը՝ Ապրիլ 25-ի եւ Յուլիս 23-ի դրութեամբ…
