Արեւմտեան Հայաստանի Իզմիթ քաղաքի Քոզլուք թաղամասին մէջ գտնուող պատմական շէնքը ժամանակին ծառայած է իբրեւ հայ բողոքական եկեղեցի եւ արական դպրոց։ Տարիներու ընթացքին անիկա փոխած է իր նշանակութիւնը՝ դառնալով քաղաքի կրթական պատմութեան ուշագրաւ վկայութիւններէն մէկը։
1911 թուականի փաստաթուղթերուն մէջ կը յիշատակուին Իզմիթի հայ բողոքական եկեղեցւոյ, տղոց եւ աղջիկներու դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ քարոզիչին բնակարանին վերակառուցման ծրագիրները։ Փաստաթուղթերուն մէջ կը նշուի, որ գործող եկեղեցւոյ շէնքը խարխուլ վիճակի մէջ էր։ Հին լուսանկարի մը մէջ եւս շինութիւնը ներկայացուած է իբրեւ բողոքական եկեղեցի։
1921 թուականին կատարուած նորոգումներէն ետք շէնքը վերածուած է Եուքարըփազարի տարրական դպրոցի, որ յետագային յայտնի դարձած է Իսթիքլալ անունով։ 1960 թուականին աշակերտները տեղափոխուած են այլ դպրոց մը, իսկ 1997 թուականին, ութամեայ պարտադիր կրթութեան համակարգին անցնելէ ետք, շէնքն այլեւս չէ բաւարարած կրթական կարիքները։
2001 թուականէն սկսեալ պատմական կառոյցը գործած է իբրեւ Կրթութեան ազգային վարչութեան ենթակայ ուղղորդման եւ հետազօտութեան կեդրոն՝ կրթական հաստատութիւններուն խորհրդատուական եւ հոգեբանական աջակցութիւն տրամադրելով։
Թէեւ պատմական ծրագիրներուն մէջ յիշատակուած աղջիկներու դպրոցի եւ քարոզիչին բնակարանին կառուցման փաստը վերջնականապէս չէ հաստատուած, շէնքին անցած ուղին կը վկայէ Իզմիթի հայկական կրթական եւ կրօնական ժառանգութեան մասին։
