Խարբերդի (Էլազըղի) հայկական գերեզմանատունը պաշտօնապէս գրանցուած է

  • by Editbeglari, August 31, 2026 in Ժառանգութիւն
111 դիտում

Խարբերդի (Էլազըղի) հայկական գերեզմանատան տարածքը պաշտօնապէս գրանցուած է իբրեւ մշակութային արժէք՝ ստանալով իրաւական պահպանութեան կարգավիճակ։

Գրանցումը կարեւոր քայլ մըն է դարերէ ի վեր Խարբերդի (Էլազըղի) մէջ բնակած հայ համայնքի պատմական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Գործընթացը իրականացուած է Գաւառի համայնքներու տեսուչ Տէր Աւետիս քահանայ Թապաշեանի վերահսկողութեամբ եւ Արման Եաղճըի առաջնորդութեամբ։

Որոշումէն ետք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Պատրիարքը շնորհաւորած է Խարբերդի հայ համայնքը՝ ընդգծելով գրանցման նշանակութիւնը պատմական ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ։

Գերեզմանատան պաշտօնական գրանցումը կարեւոր երաշխիք մըն է՝ տարածքին եւ հոն պահպանուած պատմական հետքերուն ապագայ սերունդներուն փոխանցման համար։