Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդի Հոլվենկ գիւղը գտնուող 6-րդ դարու Սուրբ Գէորգ վանքը կը շարունակէ քանդուիլ եւ մնալ անխնամ վիճակի մէջ։ Պատմական յուշարձանին պահպանութեան միակ միջոցը դարձած է փշալարերով ցանկապատը։
Վանքը դարեր շարունակ եղած է մշակութային եւ կրթական կեդրոն, իսկ ցեղասպանութենէն ետք ապաստան տուած է տեղահանուած հայերուն։ Յետագայ տարիներուն ան բազմիցս ենթարկուած է գանձախոյզներու ապօրինի պեղումներուն եւ աւերածութիւններուն։
Այսօր վանքէն պահպանուած են հիմնականաբար փլած պատերն ու ճաքած սիւները։ Տարածքը կը գործածուի նաեւ իբրեւ հանգստավայր, որուն հետեւանքով շրջակայ միջավայրը կ՚աղտոտի, իսկ վանքի մերձակայ թթենիներէն քանի մը հատը հատուած են։ Հակառակ յուշարձանին շարունակուող քայքայումին՝ պատասխանատու կառոյցները սահմանափակուած են տարածքը փշալարերով ցանկապատելով։
