
Կարինի Յաքութիյէ շրջանին մէջ գտնուող պատմական «Այա Սոֆիա»-ն, որ 19-րդ դարուն կառուցուած էր իբրեւ յոյն ուղղափառ եկեղեցի, վերականգնումէն ետք կրկին բացուած է հաւատացեալներու եւ այցելուներու առջեւ։
2024–2026 թուականներու վերականգնման աշխատանքներուն ընթացքին շէնքին մէջ յայտնաբերուած է տարիներ շարունակ ծածկուած Յիսուս Քրիստոսի «Պանտոկրատոր» որմնանկարը՝ շրջապատուած չորս Աւետարանիչներու պատկերներով։
Պատմական կառոյցը այսօր կը գործէ իբրեւ մզկիթ, սակայն պահպանուած քրիստոնէական որմնանկարը եւ եկեղեցական ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները կը շարունակեն վկայել Կարինի բազմաշերտ մշակութային ժառանգութեան մասին։
