Կարմիր եկեղեցւոյ պատմական հայկական բնակավայրին մէջ ջուրի հորատման աշխատանքներ կ՚իրականացուին  

  • by WesternArmenia, November 03, 2026 in Ժառանգութիւն
75 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Արտահան նահանգի Քուշուչմազ գիւղի Կարմիր եկեղեցի (Քըզըլ Քիլիսէ) բնակավայրին մէջ կը շարունակուին ջուրի հորատման աշխատանքները։

Թրքական աղբիւրի մը համաձայն՝ Արտահանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նահանգային ղեկավար Հասան Շենել, կուսակցութեան վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելած է աշխատանքներու վայրը եւ ծանօթացած անոնց ընթացքին։

Աշխատանքներուն նպատակն է ապահովել բնակիչներուն խմելու եւ կենցաղային ջուրի պահանջքը։ Աւարտէն ետք պիտի ճշդուի ջուրի աղբիւրին բաւարարութիւնը։

Կարմիր եկեղեցի տեղանունը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Արեւմտեան Հայաստանի պատմական հայկական տեղանուններու պահպանման կարեւորութիւնը։