2026-ի ամրան Փարիզի մէջ «System of a Down» ռոք խումբին համերգի ընթացքին «Աման Թէլլօ» երգին կատարումը քննարկումներու առիթ դարձած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ, որոնք ստեղծագործութիւնը ներկայացուցած են իբրեւ ատրպէյճանական ժողովրդական երգ։
Ինչպէս կը նշէ «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը, հայ մեծանուն երգահան եւ ազգագրագէտ Կոմիտասը դեռեւս 1905 թուականին Հառիճի մէջ գրի առած էր երգին քանի մը տարբերակ։ Այս փաստագրական վկայութիւնը կարեւոր է երգին պատմական ակունքներու ուսումնասիրութեան համար՝ հաստատելով անոր գոյութիւնը հայկական ժողովրդական երաժշտական միջավայրին մէջ՝ 20-րդ դարու սկիզբը։
Հիմնադրամին հրապարակման համաձայն՝ երգին շուրջ ծաւալած վէճը անգամ մը եւս կը շեշտէ տարածաշրջանի մշակութային ժառանգութեան պատմական փաստագրումին եւ գիտական ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը։
