Կոստանդնուպոլսոյ Պէյքոզ թաղամասին մէջ, մէկ տարի տեւած վերականգնման աշխատանքներէ ետք, պիտի վերաբացուի հայկական Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին։ Եկեղեցին կառուցուած է 1776 թուականին, իսկ այս տարի կը նշուի անոր կառուցման 250-ամեակը։
Աղբիւրին համաձայն՝ եկեղեցին պիտի վերաբացուի այս տարուան Օգոստոս 7-ին։ Այդ օրը Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանի ձեռամբ պիտի կատարուի նաեւ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը, իսկ երկու օր ետք՝ Օգոստոս 9-ին, վերանորոգումէն ետք այստեղ պիտի մատուցուի առաջին Սուրբ Պատարագը։
Եկեղեցւոյ վերանորոգումը իրականացուած է եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ, իսկ վերականգնման աշխատանքները ղեկավարած է պոլսահայ յայտնի ճարտարապետ Նազար Բինաթլըն։
Վերականգնման ծրագիրին շրջանակին մէջ վերանորոգուած են եկեղեցւոյ տանիքը եւ պատուհանները, իսկ զանգակատունը վերակառուցուած է իր նախկին տեսքով՝ հիմնուելով արխիւային լուսանկարներու վրայ։
