Պաքուի եւ Վրաստանի միջեւ պատմամշակութային ժառանգութեան շուրջ քննարկումները նոր թափ ստացած են՝ Կուրմուխի Սուրբ Գէորգ տաճարին շուրջ ծագած տարաձայնութիւններուն բերումով։ Հարցը միաժամանակ ուշադրութեան հրաւիրած է նաեւ Գելաթիի վանքին մէջ պահպանուող Գանձակի միջնադարեան դռներու պատմութեան վրայ։
Սեպտեմբեր 24-ին Վրաստանի պատրիարքարանը մտահոգութիւն յայտնած է Պաքուի տարածքին գտնուող Կուրմուխի տաճարին եւ անոր շրջակայքին մէջ կատարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ՝ ընդգծելով յուշարձանին պատմական ու հոգեւոր նշանակութիւնը Վրաստանի եւ վրաց եկեղեցւոյ համար։ Պատրիարքարանը պահանջած է յստակեցնել աշխատանքներուն բնոյթը, հիմքերը եւ յուշարձանի պահպանութեան պայմանները։
Սեպտեմբեր 25-ին Պաքուի ԱԳՆ-ն արձագանգած է՝ վրացական կողմի մօտեցումը անընդունելի համարելով։ Պաքու ընդգծած է, որ իր տարածքին գտնուող պատմական, մշակութային եւ կրօնական յուշարձանները կ՚ընդունի իբրեւ ատրպէյճանցի ժողովուրդին եւ պետութեան ազգային ժառանգութեան մաս։
Վէճի համածիրին մէջ կրկին ուշադրութեան կեդրոն յայտնուած են Գանձակի միջնադարեան դռները, որոնք այսօր կը պահպանուին Վրաստանի Գելաթիի վանական համալիրին մէջ։ Պաքուի նախագահի պաշտօնական կայքի տուեալներով՝ դռները պատրաստուած են 1063-ին՝ Գանձակի վարպետ Իպրահիմ Օսման օղլուի կողմէ, իսկ 1139-ի երկրաշարժէն ետք տեղափոխուած են Վրաստան։
Դռներու վերադարձի հարցը նախկինին եւս քննարկուած է։ 2022-ին Պաքուի մշակոյթի նախարարութիւնը յայտնած էր, որ այդ հարցով բանակցութիւններ տեղի ունեցած են վրացական կողմին հետ, մինչդեռ Վրաստանի ԱԳՆ-ն նշած էր, որ հարցը երկկողմ օրակարգին մէջ ներառուած չէ։
Այսպիսով, Կուրմուխի տաճարին շուրջ նոր քննարկումները կրկին առաջ բերած են տարածաշրջանի պատմամշակութային յուշարձաններու պատկանելիութեան, պահպանութեան եւ պատմական ժառանգութեան ներկայացման հարցերը։
