Համշէնի հայ տղամարդոց աւանդական տարազը

  • by Editbeglari, August 03, 2026 in Ժառանգութիւն
94 դիտում

Մինչեւ 19-րդ դարը Համշէնի հայկական գիւղերուն մեծ մասին մէջ՝ Սիւրմէնէէն մինչեւ Տրապիզոն, Օրտուէն մինչեւ Սամսոն, տղամարդիկ կը հագուէին աւանդական տարազ՝ լայն ծալքերով երկար շալվար, քանի մը անգամ գօտկատեղին փաթթուած սպիտակ գօտի, մինչեւ ծնկները հասնող արխալուղ, երբեմն ալ՝ կարճ չուխա։ Գլուխները կը դնէին սպիտակ քուքուլա (պաշլուղ), որուն երկար ծայրերը ուսերուն վրայ կ’իյնային, իսկ ոտքերուն՝ բրդեայ խութլիկներ։

19-րդ դարէն սկսեալ այս աւանդական տարազը աստիճանաբար փոխարինուեցաւ աւելի նեղ «զիպքա» տաբատներով եւ կարճ չուխայով։ Արդէն 1910-ական թուականներուն հին տարազը գիւղերուն մէջ պահպանած էին միայն սակաւաթիւ տարեց տղամարդիկ։