Հայերէն գրութեամբ հին սնդուկ մը՝ Կեսարիոյ հնավաճառներու շուկային մէջ 

  • by Editbeglari, September 24, 2026 in Ժառանգութիւն
91 դիտում

Կեսարիոյ հնավաճառներու շուկային մէջ վաճառքի դրուած է աւելի քան մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող գեղեցիկ սնդուկ-կոմոդ մը, որուն վրայ պահպանուած է հայատառ գրութիւն։ Նման առարկաները կը վկայեն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած հայերու նիւթական եւ մշակութային ժառանգութեան մասին։

Սնդուկին վրայ գրուած է հայատառ թրքերէն արտայայտութիւն մը՝ «ԱԼԼԱՀ ՄՈՒՊԱՐԷՔ ԷՅԼԷՍԻՆ», որ կը նշանակէ՝ «Թող Աստուած օրհնէ»։

Հայատառ թրքերէնը գործածուած է Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող թրքախօս հայերու կողմէ։ Հայկական գրութեամբ պահպանուած կենցաղային առարկաները կարեւոր վկայութիւններ են այս համայնքներու պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան մասին։

Կեսարիոյ շուկային մէջ նման առարկայի յայտնուիլը եւս մէկ անգամ կ’անդրադառնայ 1915-էն առաջ եւ ետք հայերու կեանքին պատկանած նիւթական ժառանգութեան ճակատագրին։