Հայկական եկեղեցիէն մինչեւ ռազմական շտաբ, շտաբէն՝ հետազօտական հիմնարկ․ Այնթափի լռեցուած պատմութիւնը 

  • by WesternArmenia, October 21, 2026 in Ժառանգութիւն
90 դիտում

1898 թուականին Այնթապի մէջ կառուցուած Քենտիրլի եկեղեցին ուշադրութիւն կը գրաւէ իր 128-ամեայ պատմութեան ընթացքին պաշտամունքի վայրի, պատերազմական խրամատի, համայնքային կեդրոնի եւ գիտական հաստատութեան վերածուած ըլլալու իրողութեամբ։ Այսօր պատմական շէնքը կը ծառայէ իբրեւ Թուրքիոյ Հնագիտութեան եւ մշակութային ժառանգութեան հիմնարկ։

Այնթապի կեդրոնը գտնուող Քենտիրլի եկեղեցին քաղաքի նշանաւոր կառոյցներէն մէկն է։ Օսմանեան ժամանակաշրջանին կառուցուած իբրեւ լատին կաթողիկէ եկեղեցի՝ անոր պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ 1898 թուականէն։ Տարիներու ընթացքին շէնքը ականատես եղած է պատերազմներու, ինչպէս նաեւ կրթական ու մշակութային գործունէութեան։ Այսօր անիկա կը գործածուի իբրեւ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն։

Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները սկսած են 19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ ֆրանսացի կաթողիկէ միսիոնարներու եւ տեղւոյն հայ համայնքին նախաձեռնութեամբ։

Վատիկանի կողմէ հաստատուած ճարտարապետական նախագիծին համաձայն՝ եկեղեցին կառուցուած է Հռոմի Սուրբ Ֆրանսիսկոս եկեղեցւոյ օրինակով։ Շինարարութիւնը աւարտած է 1898 թուականին։ Կառոյցը կը համադրէ եւրոպական ճարտարապետութեան տարրերը Այնթապի աւանդական քարագործութեան հետ։

Շէնքին ստորին մասին մէջ գործածուած է սեւ պազալտ, իսկ վերին մասին մէջ՝ շրջանին յատուկ բաց գոյնի քէյմիհ քար։ Կարմիր եւ սպիտակ քարերով սալայատակուած յատակը, բարձր առաստաղներն ու որմնանկարները կառոյցին ակնյայտ առանձնայատկութիւններէն են։

Այսօր Քենտիրլի եկեղեցին կը գործէ իբրեւ Թուրքիոյ Հնագիտութեան եւ մշակութային ժառանգութեան հիմնարկ։ Պատմական շէնքին մէջ կը գտնուին հնագիտական աշխատանոց մը, գրադարան, ցուցասրահներ եւ հետազօտական բաժիններ։ Այսպիսով, նախկին պաշտամունքի եւ կրթութեան վայրը վերածուած է հնագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի։